2011-01-05 10:19:39

Ժամանակացոյց` Ս. Ծննդեան Պատարագ։


Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Հինգշաբթի, Յունուար 6ի առաւօտուն, բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ, որուն աւարտին պիտի կատարուի աւանդական ջրօրհնէք։
Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին Ս. Նիկողաիոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ դպրեվանքի փոխ մեծաւորը՝ գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեան, ապա ջրօրհնէք պիտի կատարէ։ Սրբազան արարողութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ Ս Ծննդեան բարեմաղթութիւններու փոխանակում, որմէ ետք ալ Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահին մէջ սիրոյ սեղան։
Ուրբաթ, Յունուար 7ին, Օր Մեռելոց է, Հայ տօնացոյցի համաձայն, այս առթիւ ըստ աւանդութեան, մեր հանգուցեալ հարազատներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի բոլոր թեմերու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.